2012-10-03 12:31:46

Վրաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւնները։ Ընդդիմութիւնը` Յաղթական, Սահակաշվիլի Կ՝Ընդունի Իր Պարտութիւնը ։


Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին ընդունեց, որ իր ղեկավարած կուսակցութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններուն պարտութեան մատնուած է:
Ան ըսաւ, որ իր գլխաւոր մրցակիցին` միլիառատէր 56ամեայ Պիծինա Իվանիշվիլիի ղեկավարած Վրացական երազ պլոքը երկուշաբթի օրուան ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած է: Իվանիշվիլիի արձանագրած յաղթանակը կը նշանակէ, որ Վրաստանի յետխորհրդային ժամանակաշրջանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով իշխանութեան ժողովրդավար փոխանցում տեղի ունեցաւ:
Ըստ նախնական արդիւնքներու, ընդդիմութիւնը յառաջատար դիրքի վրայ կը գտնուի քուէներու հարիւրէն 54,1 տոկոսով, իսկ Սահակաշվիլի ստացած է քուէներու միայն հարիւրէն 41 տոկոսը ։
ԵԱՀԿ-ի դէտերը յայտարարեցին, որ «հակառակ մեծապէս բեւեռացնող ընտրապայքարին, վրացի ժողովուրդը իր կամքը ազատօրէն արտայայտեց», իսկ Վրաստանի Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբը յայտնեց, որ քուէարկութեան ընթացքին լուրջ խախտումներ չեն արձանագրուած:








All the contents on this site are copyrighted ©.